среда, 15 октября 2014 г.

Տէր Զօրի եւ Սուրիոյ արաբացած հայերը՝ լուսանկարիչ Պաղտիկ Գույումճեանի ոսպնեակով

Լուսանկարիչ Պաղտիկ Գույումճեանը կը պատմէ թէ պատանի տարիքին խորապէս ազդուելով իր մեծ հօր ու մեծ մօր ապրած Ցեղասպանութեան արհաւիրքի սարսափազդու յիշողութենէն, 1980-ական թուականներէն սկսեալ կը նուիրուի լուսանկարչական արուեստին, արխիւագրելու՝ հայկական գաղութներու մէջ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ընթացքին տեղի ունեցող արդարութեան եւ հայ դատին նուիրուած բողոքի ժողովրդային հաւաքաները։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սակայն պատճառ կը հանդիսանայ, որ հեռանայ իր ծննդավայրէն եւ հաստատուի Փարիզ։




Վկայուելէ ետք New York Photography Art Intstitute-էն ամբողջովին կը նուիրուի լուսանկարչութեան: 2005-ին, Եղեռնի 90-ամեակի առիթով, լրագրող Քրիսթին Սիմէոնի հետ կը հրատարակէ «Deir-es-Zor» գիրքը, որուն նախաբանը կը գրէ հանրածանօթ պատմաբան Իվ Թերնոնը։ Գիրքը կը հրատարակէ ֆրանսական ծանօթ Աքդ Սիւտ հրատարակչատունը, հովանաւորութեամբ Ֆրանսայի ամենանշանաւոր ձայնասփիւռի կայանին՝ Ֆրանս Ինդերին։ «Deir-es Zor»ը կը բաղկանայ 125 էջերէ, որոնք լուսանկարներու եւ իւրայատուկ պատմողական ոճով գրուած թեքսթով՝ կը ներկայացնեն Հայկական Ցեղասպանութեան զանազան վերապրողներ, ըլլան անոնք Տէր Զօրի անապատին, Հալէպի կամ Պուրճ Համուտի հայկական ծերանոցին մէջ։ Այս տարի, 2010-ին, Պաղտիկ Գույումճեան, պահելվ Քրիսթին Սիմէոնի թեքսթը, լուսանկարներու յաւելումով Մոնթրէալի մէջ կը վերահրատարակէ «Deir-Zor»ը, անգլերէն թարգմանութեամբ, որ կը բաղկանայ 143 էջերէ։

Շարունակություն

Комментариев нет:

Отправить комментарий