Показаны сообщения с ярлыком Դեր Զոր. Показать все сообщения
Показаны сообщения с ярлыком Դեր Զոր. Показать все сообщения

среда, 15 октября 2014 г.

Տէր Զօրի եւ Սուրիոյ արաբացած հայերը՝ լուսանկարիչ Պաղտիկ Գույումճեանի ոսպնեակով

Լուսանկարիչ Պաղտիկ Գույումճեանը կը պատմէ թէ պատանի տարիքին խորապէս ազդուելով իր մեծ հօր ու մեծ մօր ապրած Ցեղասպանութեան արհաւիրքի սարսափազդու յիշողութենէն, 1980-ական թուականներէն սկսեալ կը նուիրուի լուսանկարչական արուեստին, արխիւագրելու՝ հայկական գաղութներու մէջ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ընթացքին տեղի ունեցող արդարութեան եւ հայ դատին նուիրուած բողոքի ժողովրդային հաւաքաները։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը սակայն պատճառ կը հանդիսանայ, որ հեռանայ իր ծննդավայրէն եւ հաստատուի Փարիզ։